2015-06-03 12:41:00

Ֆրանսական տնտեսութեան օրեր` Երեւանի մէջ


Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը եւ  «Պիզնըս Ֆրանս»-ը` Ֆրանսայի մէջ միջազգային ներդրումներու եւ գործատուներու զարգացման ֆրանսական միջազգային գործակալութիւնը, այսօր եւ վաղը Երեւանի մէջ կը կազմակերպեն «Ֆրանսական օրեր»:

Ըստ ֆրանսական դեսպանատան հաղորդագրութեան, տնտեսական նախաձեռնութեան նպատակն է զարգացնել երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները:

«Հայկական շուրջ 30 ընկերութիւններու  ներկայացուցիչներ կը հանդիպին նորաձեւութեան, դիմայարդարման եւ լայն սպառման առարկաներու մարզերը ներկայացնող ֆրանսական` Saint-James, Hygiene & Nature, Biogenie եւ Valentin ընկերութիւններուն հետ: «Պիզնըս Ֆրանս»-ի խումբը եւ ֆրանսական ընկերութիւնները այսօր կը մասնակցին Երեւանի մէջ Baguette&Co ֆրանսական խմորեղէնի խանութ-սրճարանի բացման: Ասիկա լաւ առիթ է բացայայտելու ֆրանսական ընկերութեան առեւտրական յաջողութիւնը Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.